Monday, March 26, 2007

Յարգանք Անդրանիկ Մարգարեանին


Այսօր մահացաւ Հայաստանի Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանը: Վստահաբար շատեր գովասանքներ պիտի ըսեն իր մասին, թէեւ վստահ չեմ որքան անկեղծ պիտի ըլլան:

Իր խօսակցութենէն երբէք բան չեմ հասկցած քանի որ միշտ քիթին տակէն կը խօսէր: Բայց ինձ համար կան կարեւոր պատճառներ յարգելու համար հանգուցիալի հիշատակը՝
Ան հազուագիւտներէն էր որ իր գաղաբարին համար գիտցաւ պայքարիլ եւ մերժեց ամբողջատիրական համակարքը, եւ որուն համար երկու տարի մնաց Խորհրդային բանտերուն մէջ: Իսկ երբ անկախացումէն ետք հասաւ բարձրագոյն Վարչապետի պաշտօնին՝ չօգտագործեց իր դիրքը միլիոներ դիզելու համար: Իր ազգայնական գաղաբարախօսութեամբ ալ քիչ մը հայրենասիրութիւն ներարկեց նիւթապաշտ դարձած հասարակութեան մէջ:

Անդրանիկ Զօրավարի ու Նժդեհի նման սարերում կռուող տղաներուն չափ կարեւոր են նաեւ Պարոյր Հայրիկեանի եւ Անդրանիկ Մարգարեանի նման ազատամիտ պայքարողները:

Քանի մը տող, Ռուբէն Հախվերդեանէն՝

Այդ արիւնն է ձեր, կռւող տղաներ,
Իր կարմիր գոյնով սարերը ներկել,
Դուք որ կեանքը ձեր մեզ տուիք նվեր,
Որ սարերը մեր չմնան անտէր...

Monday, January 29, 2007

Ըստ Սահմանադրութեան

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան առաջին յօդուածին՝

Հայաստանի Հանրապետութիւնը
  1. Ինքնիշխան,
  2. Ժողովրդավարական,
  3. Սոցիալական,
  4. Իրաւական

Պետութիւն է...

Ոեւէ կասկած ունի՞ք:

Ձիւնագունդ


Ես եւ Առնօ Բաբաջանեանը ձիւնագունդ խաղալու ատեն...

Տօնական Երեւան









Sunday, January 14, 2007

Սահիլ՝ սահնակով եւ մասամբ նորին






Տեսակ տեսակ սահողներուն նախանցելով, երբ ուզեցի ես ալ սահիլ Ծաղկաձորի մէջ, ինձ ըսին թէ մէկ օրէն կարելի չէ սահիլ սորվիլ: Բայց ես առանց սորվելու, կամ նոյնիսկ սահնակ գործածելու, չորս անգամ սահեցայ, ու ինկայ քաղաքի սառցակալած որոշ փողոցի մը մէջ... Այո, բոլոր չորս անգամներն ալ նոյն փողոցին նոյն հատուածին մէջ ինկայ: Բարեբախտաբար հագուստներս ու հաստ վերարկուս, բարձի նման, պահպանեցին ոսկորներս ու անվնաս վեր կեցայ:
Հայաստանի շատ փողոցներ ու մայթեր չեն մաքրուիր ձիւնէ (snow), որը վերածուելով սառոյցի (ice), պատուհաս կը դառնայ շատ անցորդներու: Այսպէս, բանուկ Աբովեան փողոցին մէջ ինկած երիտասարդ կինը չկարողացաւ կրկին կայնիլ: Անցորդները օգնութեան հասան, խմելու ջուր բերին մօտակայ ճաշարանէն: Աւելի ուշ աթոռ ալ բերին ու տեղափոխեցին մայթին վրայ: Քարորդ ժամ յետոյ տակաւին ոչ մէկ շտապօգնութեան մեքենայ եկած էր: Յետոյ իմացայ որ արդէն շտապօգնութեան սպասող ալ չկար...

Հին ու նոր Երեւան




Երեւանը յատկապէս, ինչպէս նաեւ միւս քաղաքները, կամաց կամաց սկսած են վերափոխուիլ, սակայն ոչ անպայման դէպի լաւը:


Երեւանի կեդրոնին մէջ, նոր, արդիական ոճով, բարձրայարկ շէնքերու շինութիւնը կ'այլանդակէ Երեւանի դիմագիծը: Վարդագոյն քաղաքը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր գոյնը, այլեւ իր Թամանեանական ոճը: Երեւանի կեդրոնը կը նմանի մարզական հագուստին վրայէն փողկապ կապողի: Ինչու՞ օրինակ չվերցնել Փարիզէն, ուր նորաոճ շէնքերը կարելի է կառուցել միմիայն քաղաքէն դուրս՝ արուարձաններու մէջ:


Իսկ նոր շէնքերը ոչ միայն կ'այլանդակեն իրենց անմիջական շրջակայքը, այլեւ բարձրայարկ ըլլալով, գլուխ կը բարձրացնեն բոլոր քաղաքին մէջ, այլանդակելով զայն:


Իսկ ինչու դաս չենք առներ Բաքույի օրինակէն, ուր ինքնաշարժներու թիւի արագ աճին հետ, ստեղծուած են ահրելի երթեւեկութան խնդիրներ: Հիմա Երեւանի մէջ շատեր ինքնաշարժ չունին, նիւթական պատճառներով: Իսկ երբ շուտով իւրաքանչիւր ընտանիք ունենայ մէկէ աւելի ինքնաշարժ, Երեւանի փողոցները պիտի բաւե՞ն այս բոլոր հին ու նոր շէնքերու ինքնաշարժներուն համար:


Իսկ երկրաշարժի պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ: Արդէն գիտենք թէ Երեւանի շատ շէնքեր պիտի չդիմանան ոեւէ ուժէղ երկրաշարժի, քանի որ շինուած են Գիւմրիի եւ Վանաձորի շէնքերուն նման, որոնք փլեցան 1988-ի երկրաշարժին ժամանակ: Նոր բարձրայարկ շէնքերը, նոյնինկ եթէ չփլին, արգելք պիտի չ'ըլլա՞ն երկրաշարժի ժամանակ կողքի փլատակներէն փրկարարական աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Ես ալ մարդ եմ, ես ալ Հայ եմ


Տարիներ առաջ, Հայաստանի մասին խօսելու ժամանակ, սփիւռքահայ մը ինծի ըսած էր թէ՝ «Մենք Հայաստանի ցուրտին չենք վարժուած, այնտեղ չենք կրնար ապրիլ»:


Այս տօնական օրերուն, Հայաստանի մէջ շատ ցուրտ եղանակ էր: Ջերմաստիճանը ցերեկը կը տատաներ -5 էն մինչեւ -10, իսկ գիշերները -10 էն մինչեւ -20: Ուրախ եմ որ անձամբ փորձելով «Հայաստանի ցուրտը», կրցայ վերապրիլ եւ ինքզինքիս փաստել որ ես ալ Հայ եմ:


Իսկ արդեօք ին՞չ պիտի մտածէր խօսակիցս Կանադայի ցուրտին մասին: Կրնա՞նք դիմանալ այնտեղի ցուրտին:

Հայաստանի ամանորեայ զբօսաշրջիկները


Ինչ՞ կը նշանակէ՝ «Հայաստանի Զբօսաշրջիկ»,


  1. Զբօսաշրջիկ որը Հայաստանէն կ՛երթայ զբօսնելու, թէ՞

  2. Զբօսաշրջիկ որը Հայաստան կու գայ զբօսնելու:

Ամանորեայ տօներուն առիթով, երկու հատ ինքնաթիռներ, մին Եգիպտական միւսը Հայկական, զբօսաշրջիկներ բերին Հայաստանէն դէպի Եգիպտոսի տաքուկ ծովափները: Ուղիղ չուերթը, պարապ պիտի թռչեր դէպի Հայաստան: Եգիպտոսէն 14 հոգի, ներառեալ ես, օգտուելով պատեհ առիթէն, գացինք Հայաստան:


Երեւանի մէջ, տօնական օրերուն, Յունուարի 1-էն մինչեւ 6-ը ներառեալ, խանութներու եւ ճաշարաններու բացարձակ մեծամասնութիւնը փակ էր:


Իսկ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին, Գիւմրիի մէջ, ոչ մեկ ճաշարան բաց էր: Հիւրանոցին եւ քաղաքին մէջ միակ զբօսաշրջիկն էի: Կշտանալու համար ստիպուած էի գոհանալ խանութէ գնուած «պանիր-հաց»ով:


CNN հեռուստատեսութեամբ տակաւին կը յայտարարուի Հայաստանը որպէս զբօսաշրջիկութեան երկիր: Եւրոպական շատ քաղաքներէ տակաւին թրիչքներ կան դէպի Հայաստան, բայց հստակ է թէ այս օրերուն, աւելի շատ են Հայաստանէն դուրս գացող զբօսաշրջիկները, քան Հայաստան եկողները: Իսկ ընթհանուր առմամբ, արդեօ՞ք տարեկան 300,000 զբօսաշրջիկ Հայաստան կու գայ: Այս թիւին որքա՞նը իսկապէս զբօսաշրջիկ է: Իսկ որքա՞ն զբօսաշրջիկ Հայաստանէն դուրս կ՛երթայ իր արձակուրդին համար, մանաւանդ որ շատերու համար աւելի աժան է երթալ Վրաստան կամ Թուրքիա, քան երթալ Սեւան կամ Ծաղկաձոր:


Sunday, December 24, 2006

Տաք ապուրին վրայէն՝ պաղ ջուր

Երեկ գիշեր վայելեցինք, տօնական ճոխութեամբ լեցուն, շատ համեղ հայկական եւ այլ կերակուրներ, տարեկան աւանդական Անուշապուրասեղանին ընթացքին: Վերջաւորութեան, ըստ սովորութեան, հիշատակի համեստ նուէրներ ալ բաժնուեցան ներկայ տիկիններուն եւ օրիորդներուն: Այս տարուայ նուէրնեը ապակիէ խոհանոցային իրեր էին, որոնք ինծի մեծ յուսախաբութիւն պատճառեցին, քանի որ, բացի իրենց ցած որակէն, Թրքական արտադրութեան ապրանքներ էին: Այս ձեռնարկը ունէր համագաղութային բնոյթ, եւ կը վայելէր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը, ինչպէ՞ս կարելի էր հոն Թրքական նուէրներ բաժնել: Արդեօ՞ք քանի մը անձերու անհոգութեան կամ անտարբերութեան հետեւանքն էր, թէ՞ այլեւս հաշտուեր ենք Թուրքիոյ հետ:

Հիշեցի ուրիշ պարագաներ որոնք կը հաստատեն թէ այլեւս Թուրքիոյ հետ հարցեր չունինք՝
  • Լիբանանի Բուրջ-Համմուտ հայաշատ թաղամասին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ, հայ խանութպանին կրնաս հարցնել թէ որոշ ապրանք մը արդեօք Չինական է՞, կամ արդեօք Գերմանական է՞, եւ սիրալիր պատասխան կ'ստանաս: Բայց հանկարծ եթէ սխալիս ու, առ ի գիտութիւն, հարցնես եթէ որոշ ապրանք մը Թրքական է, կստանաս հետեւեալ պատասցանը՝ « Եթէ չես հաւնիր, մի՛ գներ»:
  • Շատ հայեր, թէ սփիւռքէն եւ թէ Հայաստանէն, Թուրքիա կ'այցելեն, պտտելու համար, կամ ծովափին արեւին տակ հանգստանալու համար: Չեմ խօսիր Հայկական յուշարձանները կամ իրենց մեծ հայրերուն ծննդավայրը այցելողներուն մասին, այլ անոնց մասին որոնք Թուրքիա կ'երթան երբ Հայաստան չեն այցելած: Իսկ երբ հարցնես թէ ինչու Թուրքիա կ'երթան Հայաստան երթալու փոխարէն, կը պատասխանեն՝ « Թուրքիա աւելի աժան է», «Թուրքիա շատ գեղեցիկ է»:

Զարմանալին այն է որ, մինչ հայերը արդէն հաշտուեր են Թուրքիոյ հետ, թուրքերը տակաւին կը շրջափակեն Հայաստանը: Երեւի տակաւին մեզի չեն ներած: Կարծեք հայերն էին որ թուրքերուն ջարդեր էին, եւ ոչ թէ հակառակը: Թուրքերն ալ արդէն այդ կ'ըսեն:

Wednesday, December 20, 2006

Կուշտը նախընտրելի՞ է անօթիէն, թէ՞ ախորժակը ուտելով կու գայ

Լիբանանեան աւանդական պատմութիւն մը կայ, բացատրելու համար թէ ուրկէ ծագած է Լիբանանեան ասոյթը թէ՝ «Կուշտը աւելի լաւ է քան անօթին»:
Ուրեմն Օսմանեան տիրապետուշեան օրօք, Լիբանանի վրայ կառավարիչ (Վալի) նշանակուէր է աչքը ծակ անձ մը, որը զանազան անարդար հարկերով այնքան հարստահարեր է խեղճ ժողովուրդը որ վերջ ի վերջոյ, տեղացի մեծաւորներ եւ երեւելիներ գաղտնի ժողով գումարեր են, եւ որոշեր փողոքի նամակ յղել Պոլսոյ Սուլթանին:
Կառավարիչը, իր լրտեսներուն միջոցաւ իմանալով այս որոշման մասին, իր մոտ կը հրաւիրէ փողոքել որոշած երեւելիները եւ կ'ըսէ իրենց՝
«Ես այսքան տարի ձեզի հարստահարեցի, լաւ հարստութիւն հաւաքեցի եւ կշտացայ: Եթէ փողոքեք, Սուլթանը նոր կառավարիչ պիտի նշանակէ, որը ծայրէն պիտի սկսի հարստութիւն հաւաքել:»
Լիբանանցի երեւելիները կը մտածեն, իրաւունք կու տան Կառավարիչին, կ'ըսեն թէ «կուշտը աւելի լաւ է քան անօթին», եւ կը որոշեն չի փողոքել:

Անցեալ օրերու լուրերէն կ'իմանանք թէ Անգլիոյ կառավարութիւնը որոշեր է կասեցնել հետաքննութիւնը միլիարդաւոր Դոլարներու հասնող կաշառքի մասին որ անգլիական ընկերութիւններ տուեր էին Սէուդական թագաւորական ընտանիքի անդամներու, քանի որ Սէուդական Արաբիան սպառնացեր էր կասեցնել իր գնումները եթէ հետաքննութիւնը շարունակուէր:
Նման օրինակներ շատ կան, ուր կաշառք առնելը բնաւ կապ չունի աղքատութեան հետ: Կարելի է նոյնիսկ ըսել թէ ոմանց համար «ախորժակը ուտելով կու գայ»:

Վերջերս Հայաստանի մէջ որոշուեր է դատաւորներու, ոստիկաններու եւ առհասարակ կառավարական պաշտօնեաներու ամսականները աւելցնել, պայքարելու համար կաշառակերութեան դէմ: Այս պաշտոնեաներէն շատեր արդէն զանազան ապօրինի ձեւերով իրենց եկամուտը բազմապատկած են, եւ արդեօ՞ք այս վերջին ամսականի յաւելումը բան մը պիտի փոխէ: Աւելի օգտակար պիտի չ'ըլլար՞ ասոր փոխարէն վերացնել այն արուեստական արգելքները որոնք կը դրուին պետութեան եւ հասարակութեան սխալները քննադատող հեռուստատեսութեանց դէմ: Կամ, օրինակի համար, պետական պաշտօնները բաժնել ոչ թէ իշխող կուսակցութեանց հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերողներուն, այլ իսկապէս իրենց պաշտօնին արժանի անձերու:

Thursday, December 14, 2006

Հայկական հեռուստատեսութիւն

Վեջին երկու շաբաթներուն ընթացքին իրարայաջորդ լուրեր ստացանք նոր աշխարհատարած արբանեակային հէռուստակայաններու հիմնադրութեան մասին:
  1. Էլ-Ջեզիրա կայանը որ Արաբերէն լեզւով կը հեռարձակուեր ( http://www.aljazeera.net/ ), իր ծննդեան տասերորդ տարեդարձին, սկսաւ իր նոր արբանեակային Անգլերէն կայանը ( http://english.aljazeera.net/ ), հեռարձակելով գրեթէ համայն աշխարհի տարածքին: Յայտարարուած նպատակն է Արաբական տեսակետը հասցնել աշխարհին:
  2. Բրիտանական BBC կայանը, որը ժամանակին կարճ ժամանակի մը համար ունեցած էր Արաբական արբանյակային հեռուստակայան, որոշեց կրկին վերսկսիլ յաղորդումները աւելի քան տասը տարուայ դադարէ ետք ( http://www.bbcarabic.com/ ):
  3. Ֆրանսան զգալով որ ետ կը մնայ եւ իր տեսակետը պէտք եղածին պէս չի հասնիր աշխարհին, սկսաւ հեռարձակեր իր նոր France24 կայանը ( www.france24.com ), որը սկսած է յաղորդել ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով, իսկ 2007-էն սկսեալ նաեւ արաբերէնով:
  4. «Ազգ» Օրաթերթէն կ'իմանանք նոր Թրքական հեռուստակայանի մը մասին, որ կը հեռարձակուի Ամերիկայի մէջ, անգլերէն լեզւով ( http://www.azg.am/?lang=AR&num=2006121410 ) Դեկտեմբերի 6-ին ԱՄՆ-ում սկսել են հեռարձակվել թուրքական առաջին հեռուստակայանի՝ Ebru TV-ի հաղորդումները: «Զաման» թերթը դեկտեմբերի 12-ի համարում նշել է, որ թուրքական այս հեռուստակայանի Նյու Ջերսի նահանգից հեռարձակվող հաղորդումները անգլերեն են եւ 24-ժամյա: Դրանք ուղղված են ոչ միայն ամերիկաբնակ թուրքերին, այլեւ ողջ ամերիկացիներին: Նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներից հետո հեռարձակվող հաղորդումներում մեծ տեղ է տրվում գիտությանը, արվեստին, մշակույթին, սպորտին, լուրերին եւ քաղաքական հրատապ խնդիրներին:
    Հաղորդումները ԱՄՆ-ում բնակվող թուրքերով սահմանափակելու փոխարեն բոլոր ամերիկացիներին ուղղելու հանգամանքը չափազանց կարեւոր է Թուրքիայի օգտին առանց միջնորդների լոբբիստական գործունեություն ծավալելու, ինչպես նաեւ ամերիկյան իրականության մեջ թուրքանպաստ հասարակական կարծիք ձեւավորելու առումով, ինչը ոչ այնքան մտահոգիչ, որքան ուսանելի պետք է դառնա մեր հայրենակիցների համար:

Իրենց կայքէջին մէջ ( http://www.ebru.tv/ ) կայանին Թրքական ըլլալը ակնհայտ չէ, ինչ որ կրնայ իրենց յաղորդումներուն «չէզոք»-ի կարգավիճակ տալ եւ օտարներուն առջեւ աւելի հաւաստի երեւալ: Եթէ առ այժմ նիւթական միջոցներ չկան նման Հայկական կայան ունենալու, ապա կարելի է մտածել Հ1-ը օգտագործելու մասին: Հայկական հանրային կայանը (Հ1 - Առաջին Ալիք) լեցուն է օտար, հատկապէս հարաւ-ամերիկեան, ֆիլմաշարերով (serials) որոնք կրնան հետաքրքրել Հայաստանցի հեռուստատեսը, քանի որ ձայնը կրնօրինակուած է Հայերէնի, բայց շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլար որ սփիւռքի համար ասոնց փոխարէն հեռարձակուէր օտար լեզուներով ծրագիրներ եւ լրատւութիւն:

Monday, December 11, 2006

Արցախի ճանաչումը

Սերժ Սարգսեան յայտարարեց թէ եթէ նոյնիսկ 50 երկիր ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, այդ միայն կրնայ ճնշումի միջոց ըլլալ, եւ թէ կարեւորը Ադրբեջանի ճանաչումն է:

Ճիշտ է որ Ադրբեջանի ճանաչումէն ետք, աշխարհի միւս երկիրները այլեւս պատճառ չեն ունենար Արցախի անկախութիւնը չճանչնալու կամ Հայաստանի հետ վերամիացումը չ'ընթունելու, բայց արդեօ՞ք այդ բաւական երաշխիք է Արցախի կամ Հայաստանի անվտանգութեան:

Ինչ՞ երաշխիք կայ, որ եթէ օր մը Հայաստանը պէտք եղածին պէս պաշտպանուած չ'ըլլայ, Թուրքիայ եւ Ադրբեջանի պիտի չի յարձակին Հայաստանի վրայ, վերջնական լուծում տալու համար Հայկական հարցին: Պարտականը միշտ կ'ուզէ վերացնել պարտատէրը, իսկ ոճրագործը կ'ուզէ վերացնել վկաները եւ ոճիրին հետքերը:



Ներկայիս Թուրքիոյ կազմին մէջ կը գտնուի «Ալեքսանդրէթի Սանճաք»ը (ուր կը գտնուի նաեւ Մուսա Լեռը): Երբ քաշուեցաւ Սուրիայէն, Ֆրանսա զայն զիջեցաւ Թուրքիոյ, առարկելի հանրաքուէյէ մը ետք: Թուրքերը ուրիշ շրջաններէ գալով եւ հաստատուելով Ալէքսանդրէթի մէջ, իրենց թիւը աւելցնելով, փոքրամասնութիւն կազմելէ անցած էին մեծամասնութեան: Սուրիա երբեք չէ ճանչցած այդ հողամասին Թուրքիոյ միացուիլը, եւ Սուրիական քարտէզներուն վրայ այդ տակաւին կը մնայ Սուրիական սահմաններէն ներս: Անշուշտ, օր մը, երբ Սուրիա ինքզինք աւելի զօրաւոր զգայ քան Թուրքիան, կրնայ այս կրկին օրակարգի հարց դարցնել: Մինչ այդ, գրեթէ բոլոր աշխարհը այս հողամասը կը ճանչնայ որպէս Թուրքիոյ մաս:


Պատերազմ սկսելու համար, տուեալ հողամասի մը օրինական պատկանելիութիւնը կամ միջազգային ճանաչումը երկրորդական է: Անցեալի բոլոր պատերզմներուն համար միշտ ալ պատճառ կամ պատրուակ գտնուած է: Կարեւորը ոյժն է որով կարելի է պահպանել կամ գրաւել տուեալ հողամասը:

Wednesday, December 6, 2006

Յաղթանակ թէ՞ պարտութիւն

Պատմութեան մէջ կան շատ դէպքեր, երբ պարտութիւն մը համարուած է յաղթանակ, կամ յաղթանակ մը վերածուած է պարտութեան: Կան նաեւ առճակատումներ, ուր երկու կողմերն ալ ինքզինքնին յաղթական համարած են:

ԱՄՆ-Իրաք
Ռոբըրտ Գէյց, Ամերիկայի նորանշանակ պատերազմական նախարարը (secretary of defence) այսօր յայտարարեց թէ չի կարծեր որ Միացիալ Նահանգները կը յաղթեն կոր Իրաքի պատերազմին մէջ:

Իրաքի հակա-Ամերիկեան ուժերը շատոնց արդէն յայտարարեր էին իրենց «յաղթանակներուն» մասին: Տակաւին պատերազմը չէ վերջացած, բայց կարելի է Ամերիկան պարտուած համարել այնքան ատեն որ չի կրնար կայունութիւն ապահովել կամ սահմանափակել իր կորուստները:

Լիբանան-Իսրայէլ - Յուլիս 2006
Վերջին Լիբանա-Իսրայէլեան պատերազմը, որը սկսաւ Յուլիս 2006-ին եւ տեւեց աւելի քան մէկ ամիս, ու վերջացաւ հրադադարով, կը համարուի յաղթանակ շատ մը Լիբանանցիներու կողմէ:
  • Ճիշտ է որ Իսրայէլ միշտ աւելի լաւ զինուած է եղած, ու օդին մէջ ունեցած է բացարցակ գերազանցութիւն:
  • ճիշտ է որ Լիբանանի հասցուած մարդկային եւ նիւթական վնասները եղած են անհամեմատ բարձր:
  • ճիշտ է որ Լիբանանեան կողմը, իմա՝ «Հեզբ-Ալլա»-ն, միշտ պատրաստ էր հրադադարի, որը իրագործուեցաւ միայն երբ Իսրաէլ հարմար նկատեց զինադադարը:

Բայց Հեզբ-Ալլան ու շատ կողմնակից Լիբանանցիներ, վստահ են թէ քանի որ Իսրայէլ չի կրցաւ հասնիլ իր նպատակներուն , ուրեմն պարտուած կը համարուի: Իսկ ի՞նչ էին Իսրայէլի նպատակները որ չիրագործուեցան՝

  • Երկու գերեալ զինուորներու ազատումը
  • Հէզբ-Ալլայի կողմէ Իսրայէլի հրթիռակոծման կասեցումը
  • Հեզբ-Ալլայի ապազինումը, մասնահատումը կամ չէզոքացումը

Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմ - 1973

Այս պատերազմին երկու կողմերն ալ ինքզինքնին յաղթանակած կը համարեն: Իսրայէլ կարողացաւ կասեցնել յարձակումը եւ անցնիլ հակագրոհի: Իսկ Եգիպտոս կարողացաւ ազատագրել իր գրաւեալ հողերէն մաս մը:

Ավարայրի Ճակատամարտ

Թէեւ Վարդան Մամիկոնեանի զորքը պարտուեցաւ Պարսիկներէն, ու Վարդանը իր ընկերներուն հետ զոհուեցաւ, սակայն Հայկական եկեղեցին այդ համարեց յաղթանակ, քանի որ Պարսիկները չկարողացան Հայերուն կրօնափոխ ընել:

Արցախի Պատերազմ

Կարելի չէ համարել որ պատերազմը վերջացած է: Սկիզբի շրջանը Կովկասի Թուրքերը Արցախէն մեծ մասեր գրաւեցին, բայց յետոյ Հայերը կարողացան ազատագրել Արցախի մեծ մասը եւ շրջակայ ոչ հայաբնակ շրջաններ: Հայկական յաղթանակը պիտի ամբողջացուի երբ Հայերը հասնին իրենց նպատակին, այսինքն՝ Արցախի վերամիաւորման Հայաստանի հետ: Իսկ յաղթանակը հաստատելու համար պէտք են նախադրեալներ՝

  • Մարտունակ ուժեղ բանակ
  • Նիւթական միջոցներ, տնտեսական բարգաւաճում
  • Բարձր հոգեբարոյկան վիճակ, թէ բանակին եւ թէ ժողովուրդին մոտ
  • Բնակիչների թուի աճ, բնական աճով եւ ներգաղթով
  • Միջազգային լաւ յարաբերութիւններ, դաշնակիցներ

Եթէ այս կետերուն մէջ աւելի տկար ըլլանք քան մեր հակառակորդը, կրնանք վերջ ի վերջոյ պարտուիլ: