Thursday, November 30, 2006

Ազատութեան օգուտները եւ վնասները

Երբ, խօսակցութեան ընթացքին, իմ Հայաստանցի ծանօթներուս կ'ըսեմ թէ Լիբանանի մէջ աւելի ազատութիւն կա քան Հայաստանի մէջ, զարմացած կը մնան: Վստահ չեմ թէ ասոր պատճառը ինչ է՝ Լիբանանի Արաբական երկիր ըլլա՞լն է, թէ՞ Հայաստանի գիշերային կեանքի յարաբերական ազատութիւնը:

Բայց ինձ համար յստակ է թէ երբ կը խօսինք քաղաքակա՛ն ազատութեան մասին ապա Լիբանան աւելի ազատ է քան Հայաստան:
Տեսակէտս հիմնաւորելու համար բերեմ երկու օրինակ՝

  1. Յայտնի է թէ ազատութեան պակասը ուղղակի կ'առնչուի փտածութեան եւ կաշառակերութեան տարածման հետ: Այս տարուայ Transparency International (Միջազգային Թափանցիկութիւն) կազմակերպութեան տեղեկագրին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 93րդ հորիզոնականը մինչ Լիբանան կը գրաւէ 63րդ տեղը, տե՛ս http://www.transparency.org/news_room/in_focus/cpi_2006/cpi_table
  2. Այսօր Լիբանանի մէջ ժողովրդային մեծ ցոյցեր տեղի կ'ունենան: Յայտարարուած նպատակը կառավարութիւնը տապալելն է նոր պարտադրուած ընտրութիւններու միջոցաւ: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ «Հարիրի»յի սպաննութենէն ետք: Օրերու ընթացքին միլոնաւոր ցուցարարներ կարողացան իրենց կամքը պարտադրել առանց ոեւէ միջադէպի կամ ուժային կառոյցներու միջամտութեան:

Այո, Լիբանան աւելի ազատ է: Բայց եթէ հարցնէք տեղացիներուն, շատերը հոգնած են շանունակւող անկայուն վիճակէն: Հոգնած են գործադուլներէն, աշխատանքի ակամայ կասեցումէն ու բնական առօրեայ կեանքի անդամալուծումէն: Երկրին տնտեսութիւնը կը վնասէ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիք կը վնասէ:

Արդեօք Ազատութիւնը կ'արժէ՞ այսքան զոհողութիւն, իսկ Ազատութեան շնորհիւ գալիք թափանցիկութիւնը որ պիտի արգիլէ կամ թեթեւցնէ կաշառակերութիւնը եւ պետութեան միջոցներու գողութիւնը արդեօք պիտի հատուցանէ՞ ցոյցերու պատճառով եղած տնտեսական վնասները:

Ինչ լաւ պիտի ըլլար եթէ Հայաստանի մէջ ունենայինք աւելի Ազատութիւն, պակաս փտածութիւն (corruption), առանց վնասելու երկրին կայունութեան կամ տնտեսական կեանքին:

Wednesday, November 29, 2006

Հայերէն գրել, հայկական գիրերով

Ներկայիս համակարգչային եւ տեղեկատուական դարաշրջանի օրեցօր զարգացող պայմաններուն մէջ, հայերէնը շատ ետ մնացած է, հատկապէս քանի որ «անկախացում»էն ի վեր անհոգութեան մատնուած է հայերէն լեզուի զարգացումը, իսկ լեզուի մաքրութեան պահպանումը կ՛անտեսուի, նոյնիսկ Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչներու եւ հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ:
Տակաւին չկա վերջնական համաձայնեցուած հայկական համակարգչային գիրերու միակ համակարգ: Փոխարէնը ունինք երկու (կամ աւելի) համակարգեր, ինչպէս ունինք երկու (կամ աւելի) կաթողիկոսներ, երկու (կամ աւելի) պետութիւններ, երկու (կամ աւելի) աշխարհաբար:

Խաբել

Բարեւ:
Բարի եկաք:
կը յուսամ շուտով այս էջերը կը լեցուին հետաքրքրական, բովանդակալից եւ օգտաշատ գրութիւններով:
Սկսինք հանրածանօթ իմաստուն խոսքով մը՝
Կրնաս բոլորին խաբել որոշ ժամանակով,
կրնաս նաեւ ոմանց մշտապէս խաբել,
բայց չես կրնար բոլորին մշտապէս խաբել: