Հիշեցի ուրիշ պարագաներ որոնք կը հաստատեն թէ այլեւս Թուրքիոյ հետ հարցեր չունինք՝
- Լիբանանի Բուրջ-Համմուտ հայաշատ թաղամասին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ, հայ խանութպանին կրնաս հարցնել թէ որոշ ապրանք մը արդեօք Չինական է՞, կամ արդեօք Գերմանական է՞, եւ սիրալիր պատասխան կ'ստանաս: Բայց հանկարծ եթէ սխալիս ու, առ ի գիտութիւն, հարցնես եթէ որոշ ապրանք մը Թրքական է, կստանաս հետեւեալ պատասցանը՝ « Եթէ չես հաւնիր, մի՛ գներ»:
- Շատ հայեր, թէ սփիւռքէն եւ թէ Հայաստանէն, Թուրքիա կ'այցելեն, պտտելու համար, կամ ծովափին արեւին տակ հանգստանալու համար: Չեմ խօսիր Հայկական յուշարձանները կամ իրենց մեծ հայրերուն ծննդավայրը այցելողներուն մասին, այլ անոնց մասին որոնք Թուրքիա կ'երթան երբ Հայաստան չեն այցելած: Իսկ երբ հարցնես թէ ինչու Թուրքիա կ'երթան Հայաստան երթալու փոխարէն, կը պատասխանեն՝ « Թուրքիա աւելի աժան է», «Թուրքիա շատ գեղեցիկ է»:
Զարմանալին այն է որ, մինչ հայերը արդէն հաշտուեր են Թուրքիոյ հետ, թուրքերը տակաւին կը շրջափակեն Հայաստանը: Երեւի տակաւին մեզի չեն ներած: Կարծեք հայերն էին որ թուրքերուն ջարդեր էին, եւ ոչ թէ հակառակը: Թուրքերն ալ արդէն այդ կ'ըսեն: