Տարիներ առաջ, Հայաստանի մասին խօսելու ժամանակ, սփիւռքահայ մը ինծի ըսած էր թէ՝ «Մենք Հայաստանի ցուրտին չենք վարժուած, այնտեղ չենք կրնար ապրիլ»:
Այս տօնական օրերուն, Հայաստանի մէջ շատ ցուրտ եղանակ էր: Ջերմաստիճանը ցերեկը կը տատաներ -5 էն մինչեւ -10, իսկ գիշերները -10 էն մինչեւ -20: Ուրախ եմ որ անձամբ փորձելով «Հայաստանի ցուրտը», կրցայ վերապրիլ եւ ինքզինքիս փաստել որ ես ալ Հայ եմ:
Իսկ արդեօք ին՞չ պիտի մտածէր խօսակիցս Կանադայի ցուրտին մասին: Կրնա՞նք դիմանալ այնտեղի ցուրտին:
2 comments:
Anonymous
said...
Այս բարեկամիդ պէտք է հարցնէիր թէ իր նախնիները ինչպէս դիմացան Արեւմտեան Հայաստանի լեռնաշխարհի վեց ամսուայ ձմռան պաղին ու ձիւնին????
2 comments:
Այս բարեկամիդ պէտք է հարցնէիր թէ իր նախնիները ինչպէս դիմացան Արեւմտեան Հայաստանի լեռնաշխարհի վեց ամսուայ ձմռան պաղին ու ձիւնին????
Շնորհաւորութիւններս Հայաստանի Ձմեռը ճաշակած եւ առաւել Հայացած ըլլալուդ համար: Տարոսը ուրիշ տարուայ:
Արաքսի
Post a Comment