Sunday, December 24, 2006

Տաք ապուրին վրայէն՝ պաղ ջուր

Երեկ գիշեր վայելեցինք, տօնական ճոխութեամբ լեցուն, շատ համեղ հայկական եւ այլ կերակուրներ, տարեկան աւանդական Անուշապուրասեղանին ընթացքին: Վերջաւորութեան, ըստ սովորութեան, հիշատակի համեստ նուէրներ ալ բաժնուեցան ներկայ տիկիններուն եւ օրիորդներուն: Այս տարուայ նուէրնեը ապակիէ խոհանոցային իրեր էին, որոնք ինծի մեծ յուսախաբութիւն պատճառեցին, քանի որ, բացի իրենց ցած որակէն, Թրքական արտադրութեան ապրանքներ էին: Այս ձեռնարկը ունէր համագաղութային բնոյթ, եւ կը վայելէր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը, ինչպէ՞ս կարելի էր հոն Թրքական նուէրներ բաժնել: Արդեօ՞ք քանի մը անձերու անհոգութեան կամ անտարբերութեան հետեւանքն էր, թէ՞ այլեւս հաշտուեր ենք Թուրքիոյ հետ:

Հիշեցի ուրիշ պարագաներ որոնք կը հաստատեն թէ այլեւս Թուրքիոյ հետ հարցեր չունինք՝
  • Լիբանանի Բուրջ-Համմուտ հայաշատ թաղամասին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ, հայ խանութպանին կրնաս հարցնել թէ որոշ ապրանք մը արդեօք Չինական է՞, կամ արդեօք Գերմանական է՞, եւ սիրալիր պատասխան կ'ստանաս: Բայց հանկարծ եթէ սխալիս ու, առ ի գիտութիւն, հարցնես եթէ որոշ ապրանք մը Թրքական է, կստանաս հետեւեալ պատասցանը՝ « Եթէ չես հաւնիր, մի՛ գներ»:
  • Շատ հայեր, թէ սփիւռքէն եւ թէ Հայաստանէն, Թուրքիա կ'այցելեն, պտտելու համար, կամ ծովափին արեւին տակ հանգստանալու համար: Չեմ խօսիր Հայկական յուշարձանները կամ իրենց մեծ հայրերուն ծննդավայրը այցելողներուն մասին, այլ անոնց մասին որոնք Թուրքիա կ'երթան երբ Հայաստան չեն այցելած: Իսկ երբ հարցնես թէ ինչու Թուրքիա կ'երթան Հայաստան երթալու փոխարէն, կը պատասխանեն՝ « Թուրքիա աւելի աժան է», «Թուրքիա շատ գեղեցիկ է»:

Զարմանալին այն է որ, մինչ հայերը արդէն հաշտուեր են Թուրքիոյ հետ, թուրքերը տակաւին կը շրջափակեն Հայաստանը: Երեւի տակաւին մեզի չեն ներած: Կարծեք հայերն էին որ թուրքերուն ջարդեր էին, եւ ոչ թէ հակառակը: Թուրքերն ալ արդէն այդ կ'ըսեն:

1 comment:

Anonymous said...

Բարեբախտաբար տակաւին կան հայեր որ չեն հաշտուած Թուրքիոյ պետական կառոյցներուն հետ: Այո՛ մի գուցէ կարելի է մարդավարի ապրել զանազան Թուրքերուն հետ որպէս դրացի եւ միաճամանակ չ՛հանդուրժել նոյն կառավարութեան դիրքորոշումը հայկական հարցին վիրաբերեալ: Կարելի է բայց դժուար թէ իրականանայ: