Monday, March 26, 2007

Յարգանք Անդրանիկ Մարգարեանին


Այսօր մահացաւ Հայաստանի Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանը: Վստահաբար շատեր գովասանքներ պիտի ըսեն իր մասին, թէեւ վստահ չեմ որքան անկեղծ պիտի ըլլան:

Իր խօսակցութենէն երբէք բան չեմ հասկցած քանի որ միշտ քիթին տակէն կը խօսէր: Բայց ինձ համար կան կարեւոր պատճառներ յարգելու համար հանգուցիալի հիշատակը՝
Ան հազուագիւտներէն էր որ իր գաղաբարին համար գիտցաւ պայքարիլ եւ մերժեց ամբողջատիրական համակարքը, եւ որուն համար երկու տարի մնաց Խորհրդային բանտերուն մէջ: Իսկ երբ անկախացումէն ետք հասաւ բարձրագոյն Վարչապետի պաշտօնին՝ չօգտագործեց իր դիրքը միլիոներ դիզելու համար: Իր ազգայնական գաղաբարախօսութեամբ ալ քիչ մը հայրենասիրութիւն ներարկեց նիւթապաշտ դարձած հասարակութեան մէջ:

Անդրանիկ Զօրավարի ու Նժդեհի նման սարերում կռուող տղաներուն չափ կարեւոր են նաեւ Պարոյր Հայրիկեանի եւ Անդրանիկ Մարգարեանի նման ազատամիտ պայքարողները:

Քանի մը տող, Ռուբէն Հախվերդեանէն՝

Այդ արիւնն է ձեր, կռւող տղաներ,
Իր կարմիր գոյնով սարերը ներկել,
Դուք որ կեանքը ձեր մեզ տուիք նվեր,
Որ սարերը մեր չմնան անտէր...

Monday, January 29, 2007

Ըստ Սահմանադրութեան

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան առաջին յօդուածին՝

Հայաստանի Հանրապետութիւնը
  1. Ինքնիշխան,
  2. Ժողովրդավարական,
  3. Սոցիալական,
  4. Իրաւական

Պետութիւն է...

Ոեւէ կասկած ունի՞ք:

Ձիւնագունդ


Ես եւ Առնօ Բաբաջանեանը ձիւնագունդ խաղալու ատեն...

Տօնական Երեւան









Sunday, January 14, 2007

Սահիլ՝ սահնակով եւ մասամբ նորին






Տեսակ տեսակ սահողներուն նախանցելով, երբ ուզեցի ես ալ սահիլ Ծաղկաձորի մէջ, ինձ ըսին թէ մէկ օրէն կարելի չէ սահիլ սորվիլ: Բայց ես առանց սորվելու, կամ նոյնիսկ սահնակ գործածելու, չորս անգամ սահեցայ, ու ինկայ քաղաքի սառցակալած որոշ փողոցի մը մէջ... Այո, բոլոր չորս անգամներն ալ նոյն փողոցին նոյն հատուածին մէջ ինկայ: Բարեբախտաբար հագուստներս ու հաստ վերարկուս, բարձի նման, պահպանեցին ոսկորներս ու անվնաս վեր կեցայ:
Հայաստանի շատ փողոցներ ու մայթեր չեն մաքրուիր ձիւնէ (snow), որը վերածուելով սառոյցի (ice), պատուհաս կը դառնայ շատ անցորդներու: Այսպէս, բանուկ Աբովեան փողոցին մէջ ինկած երիտասարդ կինը չկարողացաւ կրկին կայնիլ: Անցորդները օգնութեան հասան, խմելու ջուր բերին մօտակայ ճաշարանէն: Աւելի ուշ աթոռ ալ բերին ու տեղափոխեցին մայթին վրայ: Քարորդ ժամ յետոյ տակաւին ոչ մէկ շտապօգնութեան մեքենայ եկած էր: Յետոյ իմացայ որ արդէն շտապօգնութեան սպասող ալ չկար...

Հին ու նոր Երեւան




Երեւանը յատկապէս, ինչպէս նաեւ միւս քաղաքները, կամաց կամաց սկսած են վերափոխուիլ, սակայն ոչ անպայման դէպի լաւը:


Երեւանի կեդրոնին մէջ, նոր, արդիական ոճով, բարձրայարկ շէնքերու շինութիւնը կ'այլանդակէ Երեւանի դիմագիծը: Վարդագոյն քաղաքը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր գոյնը, այլեւ իր Թամանեանական ոճը: Երեւանի կեդրոնը կը նմանի մարզական հագուստին վրայէն փողկապ կապողի: Ինչու՞ օրինակ չվերցնել Փարիզէն, ուր նորաոճ շէնքերը կարելի է կառուցել միմիայն քաղաքէն դուրս՝ արուարձաններու մէջ:


Իսկ նոր շէնքերը ոչ միայն կ'այլանդակեն իրենց անմիջական շրջակայքը, այլեւ բարձրայարկ ըլլալով, գլուխ կը բարձրացնեն բոլոր քաղաքին մէջ, այլանդակելով զայն:


Իսկ ինչու դաս չենք առներ Բաքույի օրինակէն, ուր ինքնաշարժներու թիւի արագ աճին հետ, ստեղծուած են ահրելի երթեւեկութան խնդիրներ: Հիմա Երեւանի մէջ շատեր ինքնաշարժ չունին, նիւթական պատճառներով: Իսկ երբ շուտով իւրաքանչիւր ընտանիք ունենայ մէկէ աւելի ինքնաշարժ, Երեւանի փողոցները պիտի բաւե՞ն այս բոլոր հին ու նոր շէնքերու ինքնաշարժներուն համար:


Իսկ երկրաշարժի պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ: Արդէն գիտենք թէ Երեւանի շատ շէնքեր պիտի չդիմանան ոեւէ ուժէղ երկրաշարժի, քանի որ շինուած են Գիւմրիի եւ Վանաձորի շէնքերուն նման, որոնք փլեցան 1988-ի երկրաշարժին ժամանակ: Նոր բարձրայարկ շէնքերը, նոյնինկ եթէ չփլին, արգելք պիտի չ'ըլլա՞ն երկրաշարժի ժամանակ կողքի փլատակներէն փրկարարական աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Ես ալ մարդ եմ, ես ալ Հայ եմ


Տարիներ առաջ, Հայաստանի մասին խօսելու ժամանակ, սփիւռքահայ մը ինծի ըսած էր թէ՝ «Մենք Հայաստանի ցուրտին չենք վարժուած, այնտեղ չենք կրնար ապրիլ»:


Այս տօնական օրերուն, Հայաստանի մէջ շատ ցուրտ եղանակ էր: Ջերմաստիճանը ցերեկը կը տատաներ -5 էն մինչեւ -10, իսկ գիշերները -10 էն մինչեւ -20: Ուրախ եմ որ անձամբ փորձելով «Հայաստանի ցուրտը», կրցայ վերապրիլ եւ ինքզինքիս փաստել որ ես ալ Հայ եմ:


Իսկ արդեօք ին՞չ պիտի մտածէր խօսակիցս Կանադայի ցուրտին մասին: Կրնա՞նք դիմանալ այնտեղի ցուրտին:

Հայաստանի ամանորեայ զբօսաշրջիկները


Ինչ՞ կը նշանակէ՝ «Հայաստանի Զբօսաշրջիկ»,


  1. Զբօսաշրջիկ որը Հայաստանէն կ՛երթայ զբօսնելու, թէ՞

  2. Զբօսաշրջիկ որը Հայաստան կու գայ զբօսնելու:

Ամանորեայ տօներուն առիթով, երկու հատ ինքնաթիռներ, մին Եգիպտական միւսը Հայկական, զբօսաշրջիկներ բերին Հայաստանէն դէպի Եգիպտոսի տաքուկ ծովափները: Ուղիղ չուերթը, պարապ պիտի թռչեր դէպի Հայաստան: Եգիպտոսէն 14 հոգի, ներառեալ ես, օգտուելով պատեհ առիթէն, գացինք Հայաստան:


Երեւանի մէջ, տօնական օրերուն, Յունուարի 1-էն մինչեւ 6-ը ներառեալ, խանութներու եւ ճաշարաններու բացարձակ մեծամասնութիւնը փակ էր:


Իսկ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին, Գիւմրիի մէջ, ոչ մեկ ճաշարան բաց էր: Հիւրանոցին եւ քաղաքին մէջ միակ զբօսաշրջիկն էի: Կշտանալու համար ստիպուած էի գոհանալ խանութէ գնուած «պանիր-հաց»ով:


CNN հեռուստատեսութեամբ տակաւին կը յայտարարուի Հայաստանը որպէս զբօսաշրջիկութեան երկիր: Եւրոպական շատ քաղաքներէ տակաւին թրիչքներ կան դէպի Հայաստան, բայց հստակ է թէ այս օրերուն, աւելի շատ են Հայաստանէն դուրս գացող զբօսաշրջիկները, քան Հայաստան եկողները: Իսկ ընթհանուր առմամբ, արդեօ՞ք տարեկան 300,000 զբօսաշրջիկ Հայաստան կու գայ: Այս թիւին որքա՞նը իսկապէս զբօսաշրջիկ է: Իսկ որքա՞ն զբօսաշրջիկ Հայաստանէն դուրս կ՛երթայ իր արձակուրդին համար, մանաւանդ որ շատերու համար աւելի աժան է երթալ Վրաստան կամ Թուրքիա, քան երթալ Սեւան կամ Ծաղկաձոր: