Լիբանանեան աւանդական պատմութիւն մը կայ, բացատրելու համար թէ ուրկէ ծագած է Լիբանանեան ասոյթը թէ՝ «Կուշտը աւելի լաւ է քան անօթին»:
Ուրեմն Օսմանեան տիրապետուշեան օրօք, Լիբանանի վրայ կառավարիչ (Վալի) նշանակուէր է աչքը ծակ անձ մը, որը զանազան անարդար հարկերով այնքան հարստահարեր է խեղճ ժողովուրդը որ վերջ ի վերջոյ, տեղացի մեծաւորներ եւ երեւելիներ գաղտնի ժողով գումարեր են, եւ որոշեր փողոքի նամակ յղել Պոլսոյ Սուլթանին:
Կառավարիչը, իր լրտեսներուն միջոցաւ իմանալով այս որոշման մասին, իր մոտ կը հրաւիրէ փողոքել որոշած երեւելիները եւ կ'ըսէ իրենց՝
«Ես այսքան տարի ձեզի հարստահարեցի, լաւ հարստութիւն հաւաքեցի եւ կշտացայ: Եթէ փողոքեք, Սուլթանը նոր կառավարիչ պիտի նշանակէ, որը ծայրէն պիտի սկսի հարստութիւն հաւաքել:»
Լիբանանցի երեւելիները կը մտածեն, իրաւունք կու տան Կառավարիչին, կ'ըսեն թէ «կուշտը աւելի լաւ է քան անօթին», եւ կը որոշեն չի փողոքել:
Անցեալ օրերու լուրերէն կ'իմանանք թէ Անգլիոյ կառավարութիւնը որոշեր է կասեցնել հետաքննութիւնը միլիարդաւոր Դոլարներու հասնող կաշառքի մասին որ անգլիական ընկերութիւններ տուեր էին Սէուդական թագաւորական ընտանիքի անդամներու, քանի որ Սէուդական Արաբիան սպառնացեր էր կասեցնել իր գնումները եթէ հետաքննութիւնը շարունակուէր:
Նման օրինակներ շատ կան, ուր կաշառք առնելը բնաւ կապ չունի աղքատութեան հետ: Կարելի է նոյնիսկ ըսել թէ ոմանց համար «ախորժակը ուտելով կու գայ»:
Վերջերս Հայաստանի մէջ որոշուեր է դատաւորներու, ոստիկաններու եւ առհասարակ կառավարական պաշտօնեաներու ամսականները աւելցնել, պայքարելու համար կաշառակերութեան դէմ: Այս պաշտոնեաներէն շատեր արդէն զանազան ապօրինի ձեւերով իրենց եկամուտը բազմապատկած են, եւ արդեօ՞ք այս վերջին ամսականի յաւելումը բան մը պիտի փոխէ: Աւելի օգտակար պիտի չ'ըլլար՞ ասոր փոխարէն վերացնել այն արուեստական արգելքները որոնք կը դրուին պետութեան եւ հասարակութեան սխալները քննադատող հեռուստատեսութեանց դէմ: Կամ, օրինակի համար, պետական պաշտօնները բաժնել ոչ թէ իշխող կուսակցութեանց հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերողներուն, այլ իսկապէս իրենց պաշտօնին արժանի անձերու:
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment