Sunday, January 14, 2007

Սահիլ՝ սահնակով եւ մասամբ նորին






Տեսակ տեսակ սահողներուն նախանցելով, երբ ուզեցի ես ալ սահիլ Ծաղկաձորի մէջ, ինձ ըսին թէ մէկ օրէն կարելի չէ սահիլ սորվիլ: Բայց ես առանց սորվելու, կամ նոյնիսկ սահնակ գործածելու, չորս անգամ սահեցայ, ու ինկայ քաղաքի սառցակալած որոշ փողոցի մը մէջ... Այո, բոլոր չորս անգամներն ալ նոյն փողոցին նոյն հատուածին մէջ ինկայ: Բարեբախտաբար հագուստներս ու հաստ վերարկուս, բարձի նման, պահպանեցին ոսկորներս ու անվնաս վեր կեցայ:
Հայաստանի շատ փողոցներ ու մայթեր չեն մաքրուիր ձիւնէ (snow), որը վերածուելով սառոյցի (ice), պատուհաս կը դառնայ շատ անցորդներու: Այսպէս, բանուկ Աբովեան փողոցին մէջ ինկած երիտասարդ կինը չկարողացաւ կրկին կայնիլ: Անցորդները օգնութեան հասան, խմելու ջուր բերին մօտակայ ճաշարանէն: Աւելի ուշ աթոռ ալ բերին ու տեղափոխեցին մայթին վրայ: Քարորդ ժամ յետոյ տակաւին ոչ մէկ շտապօգնութեան մեքենայ եկած էր: Յետոյ իմացայ որ արդէն շտապօգնութեան սպասող ալ չկար...

1 comment:

Anonymous said...

Յաջորդ անգամ չես իյնար Օհան եթէ Գահիրէի մէջ փորձ ընես: Ամէնայնդէպս Կէցցես փորձած ըլլալուդ համար:Արաքսի Հելիոպոլիս