Wednesday, December 6, 2006

Յաղթանակ թէ՞ պարտութիւն

Պատմութեան մէջ կան շատ դէպքեր, երբ պարտութիւն մը համարուած է յաղթանակ, կամ յաղթանակ մը վերածուած է պարտութեան: Կան նաեւ առճակատումներ, ուր երկու կողմերն ալ ինքզինքնին յաղթական համարած են:

ԱՄՆ-Իրաք
Ռոբըրտ Գէյց, Ամերիկայի նորանշանակ պատերազմական նախարարը (secretary of defence) այսօր յայտարարեց թէ չի կարծեր որ Միացիալ Նահանգները կը յաղթեն կոր Իրաքի պատերազմին մէջ:

Իրաքի հակա-Ամերիկեան ուժերը շատոնց արդէն յայտարարեր էին իրենց «յաղթանակներուն» մասին: Տակաւին պատերազմը չէ վերջացած, բայց կարելի է Ամերիկան պարտուած համարել այնքան ատեն որ չի կրնար կայունութիւն ապահովել կամ սահմանափակել իր կորուստները:

Լիբանան-Իսրայէլ - Յուլիս 2006
Վերջին Լիբանա-Իսրայէլեան պատերազմը, որը սկսաւ Յուլիս 2006-ին եւ տեւեց աւելի քան մէկ ամիս, ու վերջացաւ հրադադարով, կը համարուի յաղթանակ շատ մը Լիբանանցիներու կողմէ:
  • Ճիշտ է որ Իսրայէլ միշտ աւելի լաւ զինուած է եղած, ու օդին մէջ ունեցած է բացարցակ գերազանցութիւն:
  • ճիշտ է որ Լիբանանի հասցուած մարդկային եւ նիւթական վնասները եղած են անհամեմատ բարձր:
  • ճիշտ է որ Լիբանանեան կողմը, իմա՝ «Հեզբ-Ալլա»-ն, միշտ պատրաստ էր հրադադարի, որը իրագործուեցաւ միայն երբ Իսրաէլ հարմար նկատեց զինադադարը:

Բայց Հեզբ-Ալլան ու շատ կողմնակից Լիբանանցիներ, վստահ են թէ քանի որ Իսրայէլ չի կրցաւ հասնիլ իր նպատակներուն , ուրեմն պարտուած կը համարուի: Իսկ ի՞նչ էին Իսրայէլի նպատակները որ չիրագործուեցան՝

  • Երկու գերեալ զինուորներու ազատումը
  • Հէզբ-Ալլայի կողմէ Իսրայէլի հրթիռակոծման կասեցումը
  • Հեզբ-Ալլայի ապազինումը, մասնահատումը կամ չէզոքացումը

Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմ - 1973

Այս պատերազմին երկու կողմերն ալ ինքզինքնին յաղթանակած կը համարեն: Իսրայէլ կարողացաւ կասեցնել յարձակումը եւ անցնիլ հակագրոհի: Իսկ Եգիպտոս կարողացաւ ազատագրել իր գրաւեալ հողերէն մաս մը:

Ավարայրի Ճակատամարտ

Թէեւ Վարդան Մամիկոնեանի զորքը պարտուեցաւ Պարսիկներէն, ու Վարդանը իր ընկերներուն հետ զոհուեցաւ, սակայն Հայկական եկեղեցին այդ համարեց յաղթանակ, քանի որ Պարսիկները չկարողացան Հայերուն կրօնափոխ ընել:

Արցախի Պատերազմ

Կարելի չէ համարել որ պատերազմը վերջացած է: Սկիզբի շրջանը Կովկասի Թուրքերը Արցախէն մեծ մասեր գրաւեցին, բայց յետոյ Հայերը կարողացան ազատագրել Արցախի մեծ մասը եւ շրջակայ ոչ հայաբնակ շրջաններ: Հայկական յաղթանակը պիտի ամբողջացուի երբ Հայերը հասնին իրենց նպատակին, այսինքն՝ Արցախի վերամիաւորման Հայաստանի հետ: Իսկ յաղթանակը հաստատելու համար պէտք են նախադրեալներ՝

  • Մարտունակ ուժեղ բանակ
  • Նիւթական միջոցներ, տնտեսական բարգաւաճում
  • Բարձր հոգեբարոյկան վիճակ, թէ բանակին եւ թէ ժողովուրդին մոտ
  • Բնակիչների թուի աճ, բնական աճով եւ ներգաղթով
  • Միջազգային լաւ յարաբերութիւններ, դաշնակիցներ

Եթէ այս կետերուն մէջ աւելի տկար ըլլանք քան մեր հակառակորդը, կրնանք վերջ ի վերջոյ պարտուիլ:

No comments: