Saturday, December 2, 2006

Հին աստուածներ, նոր աստուածներ

Հռոմի Պապը վերջացուց իր այցելութիւնը դէպի Կ. Պոլիս, ուր այցելեց նաեւ հանրածանօթ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին: Որպէսի այս այցելութիւնը թոյլատրուեր, Պապը ստիպուեր էր խոստանալ որ այնտեղ չպիտի աղօթէ: Իսկապէս ալ, ինք այնտեղ ոչ խաչակնքեց եւ ոչ ալ շուրթները շարժեց, ինչ որ շատ գոհ ձգեց Մահմետական Թուրքերը, որոնք իր դէմ ցոյց կը կատարէին եւ կը յայտարարէին թէ «Այա Սոֆիա»ն մզկիթ էր 1453-էն ի վեր ու հաւիտեան մզկիթ պիտի մնար:
Այս տաճարը, որուն գմբեթը վերջին անգամ կառուցեր էր Տրդատ ճարտարապետը, այժմ կը գործէ որպէս թանգարան:

Նմանօրինակ պարագաները շատ են, երբ նոր կրօն մը, յանուն նոր աստուծոյ մը, տիրացած է նախորդ կրօնի մը սրբավայրերուն, եւ նոյնիսկ շատ բաներ իւրացուցած նախորդին տօներէն, բարքերէն եւ նոյնիսկ հաւատալիքներէն:

Քանի մը օրինակներ՝

  1. Հնդկաստանի մէջ, Հինդուսները յաջողեցան փլցնել Բաբար մզկիթը որը կառուցուած էր իրենց Րամ աստուծոյ տաճարին տեղը: Բայց Հնդկական կարավարութիւնը առ այժմ կ'արգիլէ ոեւէ նոր շինութիւն կառուցել:
  2. Երոսաղեմի մէջ Հրեաները կը հաւատան թէ Իսլամութեան սրբավայր համարւող Աքսա մզկիթը կառուցուած է Սողոմոն Իմաստունի տաճարին տեղը: Մզկիթին ներքեւ պեղումները կը շարունակուին, եւ շատ Հրեաներ կ'երազեն օր մը փլցնել մզկիթը որ վերականգնեն հին տաճարը:
  3. Իսլամութեան ամենամեծ սրբութիւնը՝ Մեքքայի «Քաաբա»ն, սրբութիւն եւ ուխտատեղի էր նաեւ նախաիսլամական հեթանոս Արաբներուն համար:
  4. Հայաստանի մէջ յանուն Քրիստոնեութեան տարածման, Գրիգոր Լուսաւորիչ կործանել տուաւ Հեթանոսական մեհեանները եւ ջարդեց հին աստուածներուն կուռքերը: Ըստ աւանդութեան, տեսիլք մը տեսաւ ուր Միածինը երկնքէն իջնալով, ցոյց կու տայ թէ ուր պիտի կառուցուի նոր տաճարը՝ Էջմիածինը: Չեմ գիտեր եթէ Լուսաւորիչը նշմարեց որ այնտեղ Հեթանոսական Մեհեան մը կար: Էջմիածին այցելողները կրնան խնդրել աստիճաններով իջնել խորանին ներքեւ, որտեղ կարելի է տեսնել հին տաճարէն մասեր ու զոհասեղան: Առ այժմ ոեւէ պահանջք չկայ Արամազդի քուրմերէն:

No comments: