Monday, December 4, 2006

Դաշնակցութիւնը կրկին յեղափոխական

Երէկ, Բէյրութի ցոյցերու երրորդ գիշերուան նկարներուն մէջ, զանազան Լիբանանեան կուսակցական դրօշներու կողքին, կ'երեւէր նաեւ Հայկական Երագոյնը:

Միւս երեւցող դրօշներն են՝
  1. Դեղինը, Հեզբ Ալլահ, Հասան ՆասրԱլլահ

  2. Նարնջագոյնը, Ազատ Հայրենասիրական Շարժում, Միշէլ Աուն http://www.tayyar.org/tayyar/index.php

  3. Բաց կանանչ, Մարադա, Սլեյման Թոնի Ֆրենժիէ
Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ ընդդիմութեան, որ որոշած է փողոքել մինչեւ որ կառավարութիւնը հրաժարի:


Իսկ Հայաստանի մէջ, Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ իշխող կառավարութեան: Հ1 հանրային հեռուստակայանի Հայլուր ծրագրէն «Հեզբ Ալլահ» հաճախ կ'որակաւորուի որպէս «ծայրայեղական» կազմակերպութիւն:

1 comment:

Anonymous said...

Եքբայր-անկարելիութիւն մըն է որ Դաշնակցութիւնն այլեւս յեղափոխական կրնայ ըլլալ:Այդ «կուցակցութիւնը» շատոնց լքած է իր գաղափարական սկբունքները եւ հոգին ծախած արեւմտեան դրամատէրներուն: