


Սուտի եւ Ճշմարտութեան մասին իմաստութեան փորձ





սփիւռքահայ մը ինծի ըսած էր թէ՝ «Մենք Հայաստանի ցուրտին չենք վարժուած, այնտեղ չենք կրնար ապրիլ»:
Ամանորեայ տօներուն առիթով, երկու հատ ինքնաթիռներ, մին Եգիպտական միւսը Հայկական, զբօսաշրջիկներ բերին Հայաստանէն դէպի Եգիպտոսի տաքուկ ծովափները: Ուղիղ չուերթը, պարապ պիտի թռչեր դէպի Հայաստան: Եգիպտոսէն 14 հոգի, ներառեալ ես, օգտուելով պատեհ առիթէն, գացինք Հայաստան:
Երեւանի մէջ, տօնական օրերուն, Յունուարի 1-էն մինչեւ 6-ը ներառեալ, խանութներու եւ ճաշարաններու բացարձակ մեծամասնութիւնը փակ էր:
Իսկ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին, Գիւմրիի մէջ, ոչ մեկ ճաշարան բաց էր: Հիւրանոցին եւ քաղաքին մէջ միակ զբօսաշրջիկն էի: Կշտանալու համար ստիպուած էի գոհանալ խանութէ գնուած «պանիր-հաց»ով:
CNN հեռուստատեսութեամբ տակաւին կը յայտարարուի Հայաստանը որպէս զբօսաշրջիկութեան երկիր: Եւրոպական շատ քաղաքներէ տակաւին թրիչքներ կան դէպի Հայաստան, բայց հստակ է թէ այս օրերուն, աւելի շատ են Հայաստանէն դուրս գացող զբօսաշրջիկները, քան Հայաստան եկողները: Իսկ ընթհանուր առմամբ, արդեօ՞ք տարեկան 300,000 զբօսաշրջիկ Հայաստան կու գայ: Այս թիւին որքա՞նը իսկապէս զբօսաշրջիկ է: Իսկ որքա՞ն զբօսաշրջիկ Հայաստանէն դուրս կ՛երթայ իր արձակուրդին համար, մանաւանդ որ շատերու համար աւելի աժան է երթալ Վրաստան կամ Թուրքիա, քան երթալ Սեւան կամ Ծաղկաձոր:
Զարմանալին այն է որ, մինչ հայերը արդէն հաշտուեր են Թուրքիոյ հետ, թուրքերը տակաւին կը շրջափակեն Հայաստանը: Երեւի տակաւին մեզի չեն ներած: Կարծեք հայերն էին որ թուրքերուն ջարդեր էին, եւ ոչ թէ հակառակը: Թուրքերն ալ արդէն այդ կ'ըսեն:
Իրենց կայքէջին մէջ ( http://www.ebru.tv/ ) կայանին Թրքական ըլլալը ակնհայտ չէ, ինչ որ կրնայ իրենց յաղորդումներուն «չէզոք»-ի կարգավիճակ տալ եւ օտարներուն առջեւ աւելի հաւաստի երեւալ: Եթէ առ այժմ նիւթական միջոցներ չկան նման Հայկական կայան ունենալու, ապա կարելի է մտածել Հ1-ը օգտագործելու մասին: Հայկական հանրային կայանը (Հ1 - Առաջին Ալիք) լեցուն է օտար, հատկապէս հարաւ-ամերիկեան, ֆիլմաշարերով (serials) որոնք կրնան հետաքրքրել Հայաստանցի հեռուստատեսը, քանի որ ձայնը կրնօրինակուած է Հայերէնի, բայց շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլար որ սփիւռքի համար ասոնց փոխարէն հեռարձակուէր օտար լեզուներով ծրագիրներ եւ լրատւութիւն:
Ներկայիս Թուրքիոյ կազմին մէջ կը գտնուի «Ալեքսանդրէթի Սանճաք»ը (ուր կը գտնուի նաեւ Մուսա Լեռը): Երբ քաշուեցաւ Սուրիայէն, Ֆրանսա զայն զիջեցաւ Թուրքիոյ, առարկելի հանրաքուէյէ մը ետք: Թուրքերը ուրիշ շրջաններէ գալով եւ հաստատուելով Ալէքսանդրէթի մէջ, իրենց թիւը աւելցնելով, փոքրամասնութիւն կազմելէ անցած էին մեծամասնութեան: Սուրիա երբեք չէ ճանչցած այդ հողամասին Թուրքիոյ միացուիլը, եւ Սուրիական քարտէզներուն վրայ այդ տակաւին կը մնայ Սուրիական սահմաններէն ներս: Անշուշտ, օր մը, երբ Սուրիա ինքզինք աւելի զօրաւոր զգայ քան Թուրքիան, կրնայ այս կրկին օրակարգի հարց դարցնել: Մինչ այդ, գրեթէ բոլոր աշխարհը այս հողամասը կը ճանչնայ որպէս Թուրքիոյ մաս:Բայց Հեզբ-Ալլան ու շատ կողմնակից Լիբանանցիներ, վստահ են թէ քանի որ Իսրայէլ չի կրցաւ հասնիլ իր նպատակներուն , ուրեմն պարտուած կը համարուի: Իսկ ի՞նչ էին Իսրայէլի նպատակները որ չիրագործուեցան՝
Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմ - 1973
Այս պատերազմին երկու կողմերն ալ ինքզինքնին յաղթանակած կը համարեն: Իսրայէլ կարողացաւ կասեցնել յարձակումը եւ անցնիլ հակագրոհի: Իսկ Եգիպտոս կարողացաւ ազատագրել իր գրաւեալ հողերէն մաս մը:
Ավարայրի Ճակատամարտ
Թէեւ Վարդան Մամիկոնեանի զորքը պարտուեցաւ Պարսիկներէն, ու Վարդանը իր ընկերներուն հետ զոհուեցաւ, սակայն Հայկական եկեղեցին այդ համարեց յաղթանակ, քանի որ Պարսիկները չկարողացան Հայերուն կրօնափոխ ընել:
Արցախի Պատերազմ
Կարելի չէ համարել որ պատերազմը վերջացած է: Սկիզբի շրջանը Կովկասի Թուրքերը Արցախէն մեծ մասեր գրաւեցին, բայց յետոյ Հայերը կարողացան ազատագրել Արցախի մեծ մասը եւ շրջակայ ոչ հայաբնակ շրջաններ: Հայկական յաղթանակը պիտի ամբողջացուի երբ Հայերը հասնին իրենց նպատակին, այսինքն՝ Արցախի վերամիաւորման Հայաստանի հետ: Իսկ յաղթանակը հաստատելու համար պէտք են նախադրեալներ՝
Եթէ այս կետերուն մէջ աւելի տկար ըլլանք քան մեր հակառակորդը, կրնանք վերջ ի վերջոյ պարտուիլ:
Երէկ, Բէյրութի ցոյցերու երրորդ գիշերուան նկարներուն մէջ, զանազան Լիբանանեան կուսակցական դրօշներու կողքին, կ'երեւէր նաեւ Հայկական Երագոյնը:
Քանի մը օրինակներ՝