Monday, December 4, 2006

Դաշնակցութիւնը կրկին յեղափոխական

Երէկ, Բէյրութի ցոյցերու երրորդ գիշերուան նկարներուն մէջ, զանազան Լիբանանեան կուսակցական դրօշներու կողքին, կ'երեւէր նաեւ Հայկական Երագոյնը:

Միւս երեւցող դրօշներն են՝
  1. Դեղինը, Հեզբ Ալլահ, Հասան ՆասրԱլլահ

  2. Նարնջագոյնը, Ազատ Հայրենասիրական Շարժում, Միշէլ Աուն http://www.tayyar.org/tayyar/index.php

  3. Բաց կանանչ, Մարադա, Սլեյման Թոնի Ֆրենժիէ
Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ ընդդիմութեան, որ որոշած է փողոքել մինչեւ որ կառավարութիւնը հրաժարի:


Իսկ Հայաստանի մէջ, Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ իշխող կառավարութեան: Հ1 հանրային հեռուստակայանի Հայլուր ծրագրէն «Հեզբ Ալլահ» հաճախ կ'որակաւորուի որպէս «ծայրայեղական» կազմակերպութիւն:

Sunday, December 3, 2006

Արմենիկումը ի՞նչ կը բուժէ


Դեկտեմբերի առաջին օրը ՁԻԱՀ (AIDS) -ի դէմ պայքարի միջազգային օրն էր: Յարմար առիթ մը մտածելու Արմենիկումի մասին:

Փետրուար 1999-ին, Սերժ Սարգսեան, հարձազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց թէ գտած էր ՁԻԱՀ-ի բուժումը, եւ մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց: Նոր դեղը, իր մարդասիրական օգուտներէն բացի, կրնար շատ մեծ նիւթական օգուտներ ալ ունենալ, յատկապէս դեղի բաղադրութեան գաղտնիքը տիրապետող պետութեան կամ անհատներուն համար:
Նոյն տարուայ Դեկտեմբերին, Բրիտանական BBC-ն կ'երթայ Երեւան, յատուկ բացայայտելու համար Արմենիկումի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ: Իրենց եզրակացումը այն կ'ըլլայ թէ Արմենիկումը կրնայ աւելի վնաս տալ քան օգուտ, ՁԻԱՀ-էն բուժուիլ ուզողներուն համար:
Հայկական տեսակետը տարբեր է՝ «Օտարները չեն ուզեր ընթունիլ Արմենիկումի օգուտները որպէսի կարողանան շարունակել ստանալ այն հսկայական շահերը (600 միլիար դոլար) որ կ'ունենան ուրիշ արեւմտեան հակա-ՁԻԱՀ դեղեր ծախելով»:
Մինչ այդ, Հայաստանէն եկող լուրերը կ'սկսին խոսիլ Արմենիկումի ուրիշ յատկութիւններու մասին: Փորձեր կը կատարուին ուրիշ հիվանդութիւններ, օրինակ թոքախտը, բուժելու համար:
Սերժ Սարգսեանը կը յայտարարէ թէ Արմենիկումը Հնդկաստանի մէջ կը փորձարկուի տասնեակ հազարաւոր հիւանդներու վրայ:
«Արմենիկում» բաժնետիրական ընկերութիւնը կը յայտնէ թէ դեղը արձանագրուած է Հայաստանի, Քոնգոյի, Լիբերիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ: Բայց այս արձանագրութիւններէն ոչ մէկը կը հաւակնի ընթունիլ որ դեղը ՁԻԱՀ բուժելու համար է: Իսկ Ռուս գիտնական մը կը կարծէ թէ «Արմենիկում Ընկերութիւնը» սուտ յոյսերով մարդիկ Հայաստան կը տանի որպէսի այս հիւանդներուն փողերը կլլեն:

Saturday, December 2, 2006

Հին աստուածներ, նոր աստուածներ

Հռոմի Պապը վերջացուց իր այցելութիւնը դէպի Կ. Պոլիս, ուր այցելեց նաեւ հանրածանօթ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին: Որպէսի այս այցելութիւնը թոյլատրուեր, Պապը ստիպուեր էր խոստանալ որ այնտեղ չպիտի աղօթէ: Իսկապէս ալ, ինք այնտեղ ոչ խաչակնքեց եւ ոչ ալ շուրթները շարժեց, ինչ որ շատ գոհ ձգեց Մահմետական Թուրքերը, որոնք իր դէմ ցոյց կը կատարէին եւ կը յայտարարէին թէ «Այա Սոֆիա»ն մզկիթ էր 1453-էն ի վեր ու հաւիտեան մզկիթ պիտի մնար:
Այս տաճարը, որուն գմբեթը վերջին անգամ կառուցեր էր Տրդատ ճարտարապետը, այժմ կը գործէ որպէս թանգարան:

Նմանօրինակ պարագաները շատ են, երբ նոր կրօն մը, յանուն նոր աստուծոյ մը, տիրացած է նախորդ կրօնի մը սրբավայրերուն, եւ նոյնիսկ շատ բաներ իւրացուցած նախորդին տօներէն, բարքերէն եւ նոյնիսկ հաւատալիքներէն:

Քանի մը օրինակներ՝

  1. Հնդկաստանի մէջ, Հինդուսները յաջողեցան փլցնել Բաբար մզկիթը որը կառուցուած էր իրենց Րամ աստուծոյ տաճարին տեղը: Բայց Հնդկական կարավարութիւնը առ այժմ կ'արգիլէ ոեւէ նոր շինութիւն կառուցել:
  2. Երոսաղեմի մէջ Հրեաները կը հաւատան թէ Իսլամութեան սրբավայր համարւող Աքսա մզկիթը կառուցուած է Սողոմոն Իմաստունի տաճարին տեղը: Մզկիթին ներքեւ պեղումները կը շարունակուին, եւ շատ Հրեաներ կ'երազեն օր մը փլցնել մզկիթը որ վերականգնեն հին տաճարը:
  3. Իսլամութեան ամենամեծ սրբութիւնը՝ Մեքքայի «Քաաբա»ն, սրբութիւն եւ ուխտատեղի էր նաեւ նախաիսլամական հեթանոս Արաբներուն համար:
  4. Հայաստանի մէջ յանուն Քրիստոնեութեան տարածման, Գրիգոր Լուսաւորիչ կործանել տուաւ Հեթանոսական մեհեանները եւ ջարդեց հին աստուածներուն կուռքերը: Ըստ աւանդութեան, տեսիլք մը տեսաւ ուր Միածինը երկնքէն իջնալով, ցոյց կու տայ թէ ուր պիտի կառուցուի նոր տաճարը՝ Էջմիածինը: Չեմ գիտեր եթէ Լուսաւորիչը նշմարեց որ այնտեղ Հեթանոսական Մեհեան մը կար: Էջմիածին այցելողները կրնան խնդրել աստիճաններով իջնել խորանին ներքեւ, որտեղ կարելի է տեսնել հին տաճարէն մասեր ու զոհասեղան: Առ այժմ ոեւէ պահանջք չկայ Արամազդի քուրմերէն:

Քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը - 1915

Քիչ առաջ Ֆրանսագերմանական Arte կայանէն յայտագիր մը դիտեցի Եւրոպայի Մահմետականներուն եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն մասին: Տե՛ս http://www.arte.tv/fr/histoire-societe/musulmans__chretiens/1393610,CmC=1393606.html

Թուրքիոյ մէջ, Հայերէն բացի, նկարուած էին այլ բնիկ Քրիստոնեաներ: Վերապրողի հիշողութիւններ, պատի վրայ 1915-էն մնացած փամփուշտի հետքեր, ու հստակ հաստատում թէ ոչ միայն Հայերը, այլ բոլոր Քրիստոնեաները միասին ենթարկուեցան անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութեան:

Թուրք ազգայնականները վստահաբար գիտէին թէ միւս Քրիստոնեաները Հայերէն աւելի Թրքասէր չէին, եւ բնական է որ Հայերուն հետ «մաքրագործեցին» նաեւ միւս Քրիստոնեաները, կարելի եղածին չափ, օգտուելով ընծայուած պայմաններէն: Նոյնիսկ Լեռնալիբանանի մէջ, սովի ժամանակ փակելով Քրիստոնեայ շրջաններուն ճանապարհները, սովամահ ըրին բազմահազար Լիբանանցի Քրիստոնեաներ:

Thursday, November 30, 2006

Ազատութեան օգուտները եւ վնասները

Երբ, խօսակցութեան ընթացքին, իմ Հայաստանցի ծանօթներուս կ'ըսեմ թէ Լիբանանի մէջ աւելի ազատութիւն կա քան Հայաստանի մէջ, զարմացած կը մնան: Վստահ չեմ թէ ասոր պատճառը ինչ է՝ Լիբանանի Արաբական երկիր ըլլա՞լն է, թէ՞ Հայաստանի գիշերային կեանքի յարաբերական ազատութիւնը:

Բայց ինձ համար յստակ է թէ երբ կը խօսինք քաղաքակա՛ն ազատութեան մասին ապա Լիբանան աւելի ազատ է քան Հայաստան:
Տեսակէտս հիմնաւորելու համար բերեմ երկու օրինակ՝

  1. Յայտնի է թէ ազատութեան պակասը ուղղակի կ'առնչուի փտածութեան եւ կաշառակերութեան տարածման հետ: Այս տարուայ Transparency International (Միջազգային Թափանցիկութիւն) կազմակերպութեան տեղեկագրին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 93րդ հորիզոնականը մինչ Լիբանան կը գրաւէ 63րդ տեղը, տե՛ս http://www.transparency.org/news_room/in_focus/cpi_2006/cpi_table
  2. Այսօր Լիբանանի մէջ ժողովրդային մեծ ցոյցեր տեղի կ'ունենան: Յայտարարուած նպատակը կառավարութիւնը տապալելն է նոր պարտադրուած ընտրութիւններու միջոցաւ: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ «Հարիրի»յի սպաննութենէն ետք: Օրերու ընթացքին միլոնաւոր ցուցարարներ կարողացան իրենց կամքը պարտադրել առանց ոեւէ միջադէպի կամ ուժային կառոյցներու միջամտութեան:

Այո, Լիբանան աւելի ազատ է: Բայց եթէ հարցնէք տեղացիներուն, շատերը հոգնած են շանունակւող անկայուն վիճակէն: Հոգնած են գործադուլներէն, աշխատանքի ակամայ կասեցումէն ու բնական առօրեայ կեանքի անդամալուծումէն: Երկրին տնտեսութիւնը կը վնասէ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիք կը վնասէ:

Արդեօք Ազատութիւնը կ'արժէ՞ այսքան զոհողութիւն, իսկ Ազատութեան շնորհիւ գալիք թափանցիկութիւնը որ պիտի արգիլէ կամ թեթեւցնէ կաշառակերութիւնը եւ պետութեան միջոցներու գողութիւնը արդեօք պիտի հատուցանէ՞ ցոյցերու պատճառով եղած տնտեսական վնասները:

Ինչ լաւ պիտի ըլլար եթէ Հայաստանի մէջ ունենայինք աւելի Ազատութիւն, պակաս փտածութիւն (corruption), առանց վնասելու երկրին կայունութեան կամ տնտեսական կեանքին:

Wednesday, November 29, 2006

Հայերէն գրել, հայկական գիրերով

Ներկայիս համակարգչային եւ տեղեկատուական դարաշրջանի օրեցօր զարգացող պայմաններուն մէջ, հայերէնը շատ ետ մնացած է, հատկապէս քանի որ «անկախացում»էն ի վեր անհոգութեան մատնուած է հայերէն լեզուի զարգացումը, իսկ լեզուի մաքրութեան պահպանումը կ՛անտեսուի, նոյնիսկ Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչներու եւ հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ:
Տակաւին չկա վերջնական համաձայնեցուած հայկական համակարգչային գիրերու միակ համակարգ: Փոխարէնը ունինք երկու (կամ աւելի) համակարգեր, ինչպէս ունինք երկու (կամ աւելի) կաթողիկոսներ, երկու (կամ աւելի) պետութիւններ, երկու (կամ աւելի) աշխարհաբար:

Խաբել

Բարեւ:
Բարի եկաք:
կը յուսամ շուտով այս էջերը կը լեցուին հետաքրքրական, բովանդակալից եւ օգտաշատ գրութիւններով:
Սկսինք հանրածանօթ իմաստուն խոսքով մը՝
Կրնաս բոլորին խաբել որոշ ժամանակով,
կրնաս նաեւ ոմանց մշտապէս խաբել,
բայց չես կրնար բոլորին մշտապէս խաբել: